ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յունիս 15, 2021

Փութին -Պայտըն հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 16-ին Ժնեւի մէջ : Ռուսաստանի նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով յայտնեց , որ այլ հարցերու կողքին նախագահները պիտի քննարկեն տարածաշրջանային խնդիրներ, որոնց մէջ՝ Լեռնային Ղարաբաղը, Մերձաւոր Արեւելքը, Սուրիան, Լիպիան, իրանական միջուկային ծրագիրի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, Ուքրանիան եւ Պելառուսը: «Ժնեւի հանդիպման նախաձեռնութիւնը եղած է ամերիկեան կողմէն »-, նշած է Ուշաքով:

Շուէտը դիտորդներ պիտի ուղարկէ՝ Հայաստան, Յունիս 20-ի ընտրութիւններուն հետեւելու համար: Բացի այդ, պիտի ժամանեն Շուէտի խորհրդարանի քանի մը անդամներ` միանալով Եվրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան եւ Եվրահորհուրդի ընտրական դիտորդական առաքելութիւններուն: Դեսպանութիւնը իր հերթին պիտի դիտարկէ ընտրութիւնները՝ Յունիս 20-ի օրը այցելելով բազմաթիւ ընտրական տեղամասեր:

Եվրասիական տնտեսական միութեան համագործակցութեան շրջանակներուն մէջ առաջարկուած է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ կազմակերպել օդանաւի մասերի արտադրութեան ընկերութիւն: «Այն կազմակերպութիւնները, որոնք հետաքրքրուած են այս առաջարկով կրնան դիմել Քաղաքացիական թռիչքային կոմիտէ հետեւեալ հեռախօսին՝ 060 434 220, մինչեւ սոյն թուականի Յունիս 17-ը»,- կը յայտնէ քաղաքացիական թռիչքային կոմիտէն:

Back to top button