ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յունիս 14, 2021

Յունիս 14 -ը արեան նուրիատուներու միջազգային օրն է: Երեւանի Պետական Բժշկական Համալսարանի «Հերացի» հիւանդանոցի Արիւնաբանական կէտը յայտարարեց «Արեան տոնորի շաբաթ»: Յունիս 14-ին եւ յաջորդող շաբթուան օրերուն, միանալով կամաւորներուն, յանձնելով արիւն՝ կրնաք դառնալ մարդասիրական նախաձեռնութեան մէկ մասը: Արիւն կրնան նուիրել 18-60 տարեկան առողջ մարդիկ:

Այսօր Պելճիքայի մայրաքաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ ՆԱԹՕ-ի անդամ պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներուն գագաթաժողովը: Ամերիկայի նախագահ Ճօ Պայտըն ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովի շրջածիրէն ներս կը հանդիպի նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Թայիփ Էրտողանի հետ ՝ «քննարկելու երկկողմ եւ տարածաշրջանային հարցերու լայն շրջանակ», — նշեց Սպիտակ տունը:

Հայաստանի սփիւռքի գործերի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը կը յայտարարէ «Սփիւռքի երիտասարդ դեսպան» ծրագիրը 2021 թուականի Սեպտ․ 26-էն Հոկտ․ 9-ը ։ Մասնակիցները Հայաստանի մէջ կը մնան 2 շաբաթ. մնացեալ ժամանակահատուածը նախատեսուած է իրենց բնակութեան երկիրներուն մէջ միջոցառումներ կազմակերպելու համար։ Կրնան դիմել 22-35 տարեկան սփիւռքահայ երիտասարդներ, որոնք կը տրապետեն հայերէնին, իսկ դիմումներու ընդունման վերջին ժամկէտը` Յունիս 25-ն է։

Back to top button