ԿարևորՀասարակություն

Ժամանակն է, որ Հայաստանի մէջ մտածենք ապահովութեան մասին․ Շերըն Անուշ Չէքիճեան

Աղէտներու ժամանակ շտապ բժշկական ծառայութիւններու մատուցումը խիստ կարեւոր է յատկապես Հայաստանի նման երկրի համար, կ՛ըսէ մեր հիւրը՝ բժիշկ Շերըն Անուշ Չէքիճեան: Հայաստանի մէջ գործող արտակարգ իրավիճակներու բժշկութեան վիճակի եւ արտակարգ իրավիճակներու կառավարման համակարգերուն մէջ եւ ուսումնական ծրագիրներու մշակման ոլորտին մէջ իր բաժինը կը բերէ  ան, Պոսթոնէն  ժամանելով Հայաստան տուեալ ոլորտին մէջ իր ներդրումը բերելու հայրենիքին։

Բժիշկ Չէքիճեան Միացեալ Նահանգներու՝ «Yale» բժշկական համասարանին մէջ կ՛աշխատի որպէս օգնական փրոֆեսոր, շտապ բժշկութեան ամպիոնին մէջ: Ան դասախօսական կազմի անդամ է համաշխարհային առողջութեան եւ միջազգային շտապ բժշկութեան բաժնին, ինչպէս նաեւ կառավարման բաժնին մէջ։ Ան  խորապէս նուիրուած է բժշկութեան մեջ հիւանդի փորձին, հաղորդակցութեան եւ  հումանիզմին: Բժիշկ Չէքիճեան համատեղ արտադրեց  ֆիլմ մը« Թաքնուած քարտէզը» աշխատանքային խորագիրի ներքոյ, որը կը վերաբերի 1915 թ. Հայոց Ցեղասպանութեան եւ որուն նախադիտումը կայացաւ Թորոնթոյի մէջ նռան փառատօնին 2019 թուականին։

Զրուցակիցս՝ Չէքիճեան, մասնակցած եւ ղեկավարած է նախագիծեր Հայաստանի, Ուկանտայի եւ  Իրաքի մէջ: Անոր շնորհուած է «Fulbright 2020»,  Հայաստանի մէջ շտապ օգնութեան բարելաւման ուղղուած աշխատանքներուն համար` Հայաստանի առողջապահութեան ազգային կեդրոններուն հետ համագործակցութեամբ հաստատելով նոր շտապ բժշկութեան կառավարում, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին հետ:

Տոքթ․ Չէքիճեանի հիմնադրած նոր մասնագիտութիւնը Հայաստանի մէջ պիտի կոչուի Անյետաձգելի հիւանդութիւններու մասնագիտութիւն, որը պիտի տեւէ 3 ուսումնական տարի։

«Ժամանակն է, որ Հայաստանի մէջ մտածենք ապահովութեան մասին, պատրաստ ըլլանք ամէնէն վատ բաներուն, յոյսով եմ, որ ամենավատ վիճակը անցուցած ենք»,- ըսաւ հիւրս՝ նկատի ունենաով ե՛ւ համավարակը, ե՛ւ պատերազմը։

Հայրենասիրութեան, մարդասիրութեան եւ իր տուած երդման հաւատարիմ անձնաւորութիւնն է Շերըն Անուշ Չէքիճեան, որ այս անգամ իր բոլոր ուժերը կը ներդնէ յանուն իր ժողովուրդի զարգացման։

Back to top button