ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Մայիս 14, 2021

Հայկական կողմը Սիւնիքի մարզի սահմաններուն վրայ տիրող իրավիճակի մասին ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ անդրադարձաւ այս հարցին։ Նիկոլ Փաշինեան Ռուսաստանի նախագահին տեղեկացուցած Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ Հայաստանի տարածք՝ Սիւնիքի մարզ ներխուժման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակի մասին։ ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարը նախագահ Փութինին տեղեկացուցած է նաեւ, որ յանձնարարած է պաշտօնապէս դիմել Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի ընթացակագրերու 2-րդ յօդուածին համապատասխան խորհրդակցութիւններ սկսելու համար։

Հայաստանի եւ Ֆրանսայի առաջնորդները հեռախօսային կապով քննարկած են Սիւնիքի մարզին մէջ ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ներխուժելուն իբրեւ արդիւնք ստեղծուած իրավիճակը եւ զայն հանգուցալուծելու քայլերը: Ֆրանսայի նախագահը իր զօրակցութիւնը յայտնած է Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ հայ ժողովուրդին՝ հարցը խաղաղ կերպով լուծելու առումով: Մաքրոն վերահաստատած է Ֆրանսայի հաւատարմութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ եւ ընդգծած է Հայաստանի տարածքէն ատրպէյճանական զինուած ուժերը անյապաղ դուրս բերելու անհրաժեշտութիւնը:

Էլիզէյի պալատը յայտարարած է, որ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան վերականգնման նպատակով իրավիճակը կարելի է կարգաւորել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորուրդի միջոցով։ Իսկ Գանատայի խորհրդարանի պատգամաւոր Մայքլ Չոնգ կոչ ըրած է Գանատայի վարչապետին հանդէս գալու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանող յայտարարութեամբ:

Back to top button