ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Մայիս 12, 2021

Հայաստանի մէջ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու համար նախընտրական քարոզարշաւը պիտի սկսի 7 Յունիսին եւ պիտի տեւէ մինչեւ 18 Յունիս: Համապատասխան որոշումը ընդունուած է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի երէկուան նիստին: Հայաստանի ազգային ժողովի 20 Յունիս 2021-ին կայանալիք արտահերթ ընտրութիւններու նախապատրաստման եւ կայացման հիմնական միջոցառումներու ժամանակացոյցը հաստատելու մասին նախագիծը ներկայացուցած է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան:

Այսօր պաշտօնական այցով Հայաստան կը ժամանէ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիբաշվիլին: Նախատեսուած են հանդիպումներ ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանին, Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեանին հետ: Ծիծեռնակաբերդ յուշահամալիրին մէջ Վրաստանի վարչապետը յարգանքի տուրք պիտի մատուցէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Նիկոլ Փաշինեանի անունով ի պատիւ Վրաստանի վարչապետին պիտի տրուի պաշտօնական ընթրիք:

Գիշերուան ընթացքին Պաղեստին-Իսրայէլ հակամարտութիւնը շարունակուած է: Պաղեստին կը հարուածէ Թել-Աւիվը, Իսրայէլ՝ Գազան. Երկու կողմերն ալ ունին շատ աւերներ ու զոհեր։ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը հրատապ նիստ հրաւիրած է քննարկելու Իսրայէլ-Պաղեստինեան հակամարտութեան գօտիի սրացումը, կը հաղորդէ ТАСС-ը: Խորհրդակցությունները նախատեսուած են Մայիսի 12-ին:

Back to top button