ԿարևորՀասարակություն

Արեւմտահայերէն լուրեր Մայիս 11, 2021

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան ստորագրեց՝ Յունիս 20-ին Ազգային Ժողովի արտահերթ ընտրութիւններ նշանակելու հրամանագիրը: Սոյն հրամանագիրը ուժի մեջ կը մտնէ պաշտօնական հրապարակման յաջորդող օրուընէ»,- ըսուած է հրամանագիրին մէջ: Ազգային ժողովը երկրորդ փուլին դարձեալ չընտրեց Նիկոլ Փաշինեանը վարչապետ, ինչպէս նախատեսուած էր։ Այսպիսով, Սահմանադրութեան համաձայն, իրաւունքի ուժով եօթներորդ գումարման Ազգային ժողովը կ՛արձակուի:

Այսօր Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պաշտօնական այցով կը մեկնի Լիթվայի Հանրապետութիւն: Այցի շրջանակներուն մէջ կը սպասուին հանդիպումներ Լիթվայի հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարներուն հետ:

Եվրոպական խորհրդարանի կողմէն՝ նախաձեռնուած է Արցախի հետ առցանց համաժողով, որուն նպատակն է Եվրոպական խորհրդարանի շրջանակներուն մէջ համաժողովի ձեւաչափով անգամ մը եւս բարձրաձայնել 2020թ. 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ Արցախի ժողովուրդի խնդիրներուն եւ սպառնալիքներուն, նաեւ Ատրպէյճանի կողմէն հայ ռազմագերիներու եւ պահուող քաղաքացիական անձերու վերադարձի խնդիրի մասին, ինչպէս նաեւ նպաստել Արցախին միջազգային աջակցութիւն ցուցաբերելու:

Back to top button