ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Մայիս 6, 2021

Ամենակարեւոր խնդիրը այն է, որ Ատրպէյճան վերադարձնէ բոլոր ռազմագերիներն ու բռնի կերպով պահուող անձերը: Ըսած է Արա Այվազեան Սերկէյ Լաւրովին հետ հանդիպման ժամանակ: «Եվ այս խնդիրը պէտք է արագ լուծուի, որուն մասին կը վկայեն նաև միջազգային մարդասիրական իրաւունքի շարունակական զանգուածային խախտումները»,-ըսած է ան: Հանդիպումէն առաջ Լաւրով այցելեց Ծիծեռնակաբերդ եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Սուրբ նահատակներու յիշատակին:

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները դարձեալ կոչ ըրած են վերադարձնել բոլոր պահուող անձերը, կալանաւորուածները, ինչպէս նաեւ կատարել աճիւններու փոխանակման գործընթացը: Այս մասին ըսուած է համանախագահներու տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

Հայաստանի մէջ 2021 թուականի ապրիլին կատարված գործարքները 24 տոկոսով աւելի են քան 2019-ի Ապրիլի ցուցանիշները , այդ մասին կառավարութեան նիստին նշեց վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ համեմատութիւնը 2019-ի հետ է, ոչ թէ 2020-ի, որովհետև նախորդ տարի համաճարակով պայմանաւորուած ցուցանիշները նուազած էին: «Տուեալները կը վկայեն, որ տնտեսական գործունէութիւնը վերականգնման փուլի մէջ է: Կեդրոնական պանքը յայտարարեց, որ տնտեսական գործերու ընթացքն աւելի լաւ է, քան կանխատեսուած էր»: Մենք պէտք է այս ընթացքը աւելցնենք կարելի եղած ամենալայն ծաւալով»,- ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:

Back to top button