ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Մայիս 4, 2021

Արժանթինցի քաղաքական գործիչներ եւ տարբեր հասարակական կազմակերպութիւններ հանդէս եկած են յայտարարութեամբ, որմով կոչ կ՛ընեն Ատրպէյճանին արագցնել ռազմագերիներուն եւ գերեվարուած անձերուն վերադարձը Հայաստան: Յայտարարութեան մէջ ստորագրած են 100-էն աւելի անհատ եւ կազմակերպութիւն ըսելով․ հայ ռազմագերիներուն անյապաղ վերադարձի պարտաւորութիւնը ոչ միայն հրադադարի անքակտելի մաս է, այլ նաեւ անհրաժեշտ միջոց՝ լարուածութիւնը պակսեցնելու, պատերազմի ողբերգական հետեւանքները մեղմելու նպատակով»,-ըսուած է Արժանթինի դեսպանատան տարածած յայտարարութեան մէջ:

Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան վերահաստատեց Հայաստանի Հանրապետութեան այն դիրքորոշումը, որ աշխարհը պէտք է ճանչնայ Արցախի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքը: Միրզոյան նշեց խորհրդարանի հերթական նիստի ընթացքին՝ անդրադառնալով այն հանգամանքին, որ «նորոգման աշխատանքներու» քողին տակ ատրպէյճանցիներ կ՛աղաւաղեն Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցին: «Այդ բարբարոսութիւնը, Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայերուն հանդէպ վերաբերմունքը, շաբաթներ առաջ խայտառակ «պուրակի» բացումը կը վկայեն այն մասին, որ Արցախի հայութեան անվտանգ գոյութիւնը Ատրպէյճանի կազմին մէջ անհնար է, եւ աշխարհը պէտք է ճանչնայ Արցախի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքը»,- ըսաւ Արարատ Միրզոյեան:

Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դավիթ Պապայեան անդրադարձած է այն տեղեկութեան, թէ Մայիս 9 -ին ընդառաջ ատրպէյճանցիները հանած են Շուշիի Ղազանչեցոց Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ գմբէթները։ Պապայեանի համոզմամբ կատարուածը՝ մշակութային ցեղասպանություն է ։ Անոնք փշրած են գմբէթները, հանած են խաչերը, կոտրած են հրեշտակներու արձանները: Պապայեան նաեւ չի բացառեր, որ Շուշիի եկեղեցին դարձնեն մզկիթի, մանաւանդ որ նման հարուստ փորձ ունին։ Սուրբ Սոֆիայի տաճարը Թուրքիոյ մէջ վերածուեցաւ մզկիթի։

Back to top button