ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Մայիս 3, 2021

Ազգային ժողովի յատուկ նիստը ընթացք առաւ՝ ՀՀ վարչապետի ընտրութեան հարցով։ «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը առաջադրած է Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը: Ապրիլի 25-ին Նիկոլ Փաշինեան հրաժարական ներկայացուց որպէսզի, խորհրդարանի լուծարմամբ, երկրին մէջ կազմակերպուին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ: Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովի «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւններու ղեկավարներուն հետ հանդիպումներէն յետոյ յայտարարած էր, որ երկրին մէջ Յունիս 20-ին տեղի պիտի ունենան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ։

Ռազմագործողութիւններու ընթացքին զոհուած եւ մինչ այսօր անյայտ կորսուած զինծառայողներու կամաւորներու կամ քաղաքացիական անձերի աճիւններուն որոնման աշխատանքները այսօր կը շարունակուին Վարանտայի (Ֆիզուլի) շրջանին մէջ։ Կը յայտնեն Արցախի Ներքին գործերու նախարարութեան արտակարգ իրավիճակների պետական ծառայութենէն՝ նշելով, որ 2020 թուականի Նոյեմբեր 13-էն առ այսօր Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն Արցախի փրկարարները յայտնաբերած են 1552 աճիւն։

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երկրին մէջ համաներում յայտարարած է։ Հրամանագրի համաձայն՝ համաներումը կը վերաբերի մինչեւ 2 Մայիս, 2021-ը տեղի ունեցած յանցագործութիւններո։ Սուրիան կը պատրաստուի նախագահական ընտրութիւններու, որոնք պիտի կայանան 26 Մայիսին: Ընտրութիւններուն մասնակցելու համար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են աւելի քան 50 թեկնածու, այդ շարքին՝ գործող նախագահը:

Back to top button