ԿարևորՀասարակություն

Ապրիլ գիտցաւ այնթէպցին. Ցեղասպանութիւնը վերապրած հայերու զաւակ՝ Կարպիս Վարդանեան

Հայոց Ցեղասպանութեան 106 տարելիցի նախօրեակին, Հանրային Ռատիոյի բացառիկ հարցազրոյցի մեր հիւրը Մեծ եղեռնէն վերապրած հայերու ժառանգորդներէն , Այնթէպէն Հալէպ հասած ընտանիքի զաւակ, փոքր տարիքէն գործի ասպարէզ նետուած  եւ  յայտնի գործարար դարձած՝ Կարպիս Վարդանեանն է։ Ան 2012-ին տեղափոխուած է Հայաստան Սուրիոյ պատերազմին բերումով։

Մեր հիւրը Հալէպի սուրբ Աստուածածնայ եկեղեցւոյ մէջ մօտաւորապէս 40 տարի ծառայած է  նաեւ վարած է Կրթասիրաց մշակութային միութեան եւ ՀԲԸ Միութեան շրջանակներուն մէջ տարբեր պաշտօններ։ Լաւ ձայն ունենալուն՝ պրն․ Կարպիս մաս կազմած է Հալէպի Սպենդիարեան երգչախումբին, եւ հոն ալ ծանօթացած է ապագայ տիկնոջ Սեդա Պոյնարեանին։

«Մենք եղանք Սուրիոյ պատուաբեր քաղաքացիներ, մեր մշակոյթով շէնցուցինք մեր միջավայրը»։ 

Պրն․ Կարպիս ըլլալով բռնագաղթուած ընտանիքի զաւակ եւ ունենալով բազում պատմական գիտելիքներ, ան պատմեց ջարդի օրերուն իրենց ընտանիքին ոդիսականը։

«1915 թուականի Մայիսին ծայր առաւ Այնթէպի գաղթականութիւնը, սկիզբը Զէյթունէն գաղթականներ բոպիկ ցնցոտիներով անցան, այդ օրերուն այնթէպցիք առանց մտածելու, որ քիչ ժամանակ անց իրենց կարգը պիտի գար»։ Արդէն քանի մը ամիս ետք բոլոր յարանուանութիւնները անխտիր աքսորի հանեցին։ Խաղաղ օրերուն 86 հազար բնակչութիւն ունէր Այնթէպ, որոնցմէ 36 հազարը հայեր էին, գաղթականութենէն ետք մնացին 16 հազարը։ Պրն․ Վարդանեան յուզմունքով պատմեց, թէ Այնթէպցիք հողը անկողին ըրեր են, իսկ երկինքն ալ իրենց վերմակ, եւ այդպէս գոյատեւած։

Պրն Կարպիս պատմելով կ՛ապրէր այդ օրերու արհաւիրքը, ձայնին մէջ արցունք կար, յատկապէս երբ գաղթի ճամբուն ծնողները կողոպուտի ենթարկուած են գեղեցիկ վրան ունենալնուն պատճառով, որը արտերկրէն նուէր ստացած էին, այդ դէպքէն յետոյ կը մահանան մեծ հայրն ու մեծ մայրը ծանր տանելով իրենց հետ պատահածը։

«1918-ին այնթէպցիները նոյնպէս Կիլիկիոյ հայերուն պէս վերադարձան իրեն վայրերը , որովհետեւ ֆրանսացիներն ու անգլիացիները խոստում տուած էին հայերուն հայրենիք ունենալու իրենց բնակավայրուն մէջ, այդպիսով ամէն մարդ իր տունը վերադարձած՝ այգիները վերամշակեցին, իրենց խաղաղ կեանքով ապրեցան, հայկական թաղերու մուտքին քարակոյտեր դրած են , որպէսզի թուրքերը չի կարենան մտնել հայկական թաղամասերը»,- ան նաեւ պատմեց, որ թուրքերը Այնթէպի եկեղեցւոյ ջահը տարած զետեղած են իրենց մզկիթին մէջ, անգլիացիներու օգնութեամբ հայերը ետ վերադարձուցած են ջահը ու հետերնին  բերած՝ գաղթի ճամբուն մինչեւ Հալէպ, այժմ այդ ջահը պահպանուած է Հալէպի սուրբ Աստուածածնայ եկեղեցւոյ մուտքին, որպէս ժառանգ պատմական Այնթէպէն։

Տէր եւ տիկին Վարդանեաններ մեր զրոյցի ընթացքին երգեցին 2 համար Այնթէպի քայլերգէն, որը 10 տուներէ բաղկացած է․ պրն Կարպիս նաեւ նշեց, որ այդ տողը ուր գրուած է․

Մեռնիլ գիտցաւ այնթէպցին․ մենք փոխեցինք եւ երգեցինք․ Ապրիլ գիտցաւ այնթէպցին․

«Մեր պահանջատիրութիւնը անժամանցելի է, այդպէս ալ կը յորդորեմ յաջորդող սերունդներուն, որ իրենք ալ ինչպէս, որ մենք  100 տար պահեցինք Միջին Արեւելքի մէջ  , թող ջանան հարազատ մնալ իրենց զգացումներուն։ Պէտք է համախմբուինք, մէկդի դնելով հատուածական մտածողութիւնները, Հայ Դատի իրաւունքներուն տէր դառնանք»։

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի կառավարութեան,-Մենք Խաղաղ ենք այստեղ ու երախտապարտ ենք Հայաստանի կառավարութեան, մեզի ընձեռած քաղաքացիութեան եւ ապահով կեանքի համար։

Back to top button