ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Ապրիլ 21, 2021

Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղդալեան անդրադարձաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ ատրպէյճանական հեռատեսիլին տուած հարցազրոյցին, ան հանդէս եկած է Հայաստանի հանդէպ ուժի կիրառման սպառնալիքներով: «Խստօրէն կը դատապարտենք Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ Ատրպէյճանի նախագահին նկրտումները եւ ուժ կիրառելու սպառնալիքները: Նման յայտարարութիւնները լրջօրէն կը վնասեն տարածաշրջանային խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը: Ան ընդգծեց , որ նման սպառնալիքներ եղան Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին ընդառաջ եւ նպատակ ունին ուժի դիրքերէն խօսելու հայ ժողովուրդին հետ: Նաղդալեան շեշտեց, որ Հայաստան պիտի ձեռնարկէ բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ իր ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու համար:

Ի պատասխան հայկական կողմին՝ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Լէյլա Աբտուլաեւան յայտարարեց, որ Զանգեզուրի միջանցքի մասին երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւի խօսքերուն մէջ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան սպառնալիք չկայ: Աւելցնելով, թէ Ալիեւ նաեւ ըսած է, որ «Ատրպէյճան պատրաստ է համագործակցութեան»։

Ֆրանսայի մէջ Ապրիլ 24-ին Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցի միջոցառումները տեղի պիտի ունենան բազմամարդ: Չնայած համավարակին Ֆրանսայի հայ համայնքը կը նախատեսէ մեծ թիւով մասնակիցներ, ընդգծելով պահանջատիրական ձեռնարկներու կարեւորութիւնը: «Մենք կապի մէջ ենք Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին հետ: Պէտք է աշխատինք, որ պատշաճ ձեւով կազմակերպուին Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցի միջոցառումները»,- ըսած է Մուրատ Փափազեան:

Back to top button