ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Ապրիլ 9, 2021

Ջրականի շրջանին մէջ Արցախի փրկարարները որոնումներու արդիւնքով յայտնաբերած են 7 աճիւն: Իսկ 2 աճիւն եւս հայկական կողմին՝ ենթադրաբար Թալիշի ուղղութենէն, փոխանցած են ատրպէյճանցիները: Հայ զինծառայողներու ինքնութիւնը պարզելու համար կը նշանակուի դատաբժշկական փորձաքննութիւն: 2020 թուականի Նոյեմբեր 13-էն առ այսօր, յայտնաբերուած կամ Ատրպէյճանի կողմէն փոխանցուած աճիւններու ընդհանուր թիւը 1539 է:

«Բանակցութիւնները ռուսական կողմի միջնորդութեամբ կը շարունակուին, եւ յոյս ունինք, որ ատրպէյճանական կողմը ի վերջոյ կը յարգէ ստորագրուած յայտարարութիւնը ու կեանքի կը կոչէ մարդասիրական համաձայնութիւնը ՝ այդպիսով նպաստելով տարածաշրջանին մէջ կայունութեան հաստատման»,- յայտնեց ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի գրասենեակը։ Գերիներու ետ վերադարձը, ցաւօք, կրկին յետաձգուեցաւ, քանի որ թշնամիի կողմէն Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 8-րդ կէտը չի կատարուեցաւ, որը յետ-պատերազմական մարդասիրական գործընթացի կոպիտ խախտում է։

Շիրակի մարզի գերի ինկած զինծառայողներուն հարազատները փակած են Կիւմրի-Երեւան մայրուղիի Հոռոմի խաչմերուկը: Պահանջելով վերջնական յստակեցում եւ իրական քայլեր՝ իրենց որդիներուն վերադարձնելու համար:

Back to top button