ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Մարտ 16, 2021

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Շուէտի Արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէյի հետ հանդիպման ժամանակ անդրադարձաւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու խնդրին։ Նախարարը նշեց, որ զինադադարէն 4 ամիս անց ալ Ատրպէյճան կը շարունակէ տառապանքներ պատճառել հարիւրաւոր մարդոց եւ անոնց ընտանիքներուն: «Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ գործընթացի առանցքային հարցերը, որոնք չեն արտացոլուած եռակողմ յայտարարութեան մէջ, կը մնան չլուծուած։ Ատոնց մէջ է Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը, որն իր հետ կը բերէ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի եւ տարածքներու հարցը»,- ըսաւ նախարար Արա Այվազեան:

ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Շուէտի Արտաքին գորոց նախարար Անն Լինտը Մարտ 16-ին ժամանեց Երեւան, ան հանդիպումներ կ՛ունենայ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, նախագահ Արմէն Սարգսեանին եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչների հետ:

Հայաստանի կառավարութեան կողմէն ՝ Արցախի վերահսկողութենէն դուրս մնացած համայնքներուն մէջ հաշուառուած չափահաս եւ անչափահաս 31 հազար եւ 220 քաղաքացիին տրամադրուած է 300 հազար դրամ աջակցութիւն: Տեղեկացուց Հայաստանի Հանրապետութեան աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի մամլոյ խօսնակ Զառա Մանուչարեանը։ Իսկ պատերազմական աւերներու հետեւանքով կամ այլ պատճառներով բնակութեան համար ոչ պիտանի բնակելի անշարժ գոյք ունեցող 4600 արցախցիին ալ տրամադրուած է 250 հազար դրամ աջակցութիւն: Աջակցութիւնը ստացած են ինչպէս Հայաստանի մէջ բնակող արցախցիները, այնպէս ալ Արցախ վերադարձածները՝ «Արցախփոստ»-ի միջոցով։

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդը հետամուտ է, որպէսզի փարատին բոլոր կասկածները եւ ապահովուի հանրութեան վստահութիւնը։ Ուստի «Որոշուած է հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներէն ստեղծել աշխատանքային խումբ մը, որը կ՛աշխատի միջազգային վերստուգիչ ընկերութեան և ներգրաւուած այլ կողմերուն հետ՝ պատերազմի ընթացքին հավաքուած եւ օգտագործուած գումարներու ուսումնասիրութեան նպատակով։

Back to top button