ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Մարտ 5, 2021

Այսօր՝ Հայաստանի եւ Արցախի ազգային հերոս, Հայաստանի պաշտպանութեան առաջին նախարար Վազգէն Սարգսեանի ծննդեան օրուան առիթով Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի անունով ծաղիկներ զետեղուեցան «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ Վազգէն Սարգսեանի շիրիմին, ինչպէս նաեւ հերոսի ծննդավայրը գտնուող՝ յուշարձանին ։

Այսօր՝ Հռոմի Ֆրանսիս պապը պատմական այցով կը մեկնի Իրաք։ Պաղտատի մէջ Հռոմի Պապը հանդիպումներ կ՛ունենայ Իրաքի նախագահ Պարհամ Սալեհին եւ այլ պաշտօնատար անձերուն հետ` ինչպէս նաեւ պիտի այցելելէ Նաճաֆ՝ հանդիպելու Իրաքի շիա իշխանութեան բարձրագոյն ներկայացուցիչին հետ, կ՛ենթադրուի , որ հանդիպման կը մասնակցին նաեւ Իրաքի փոքրամասնութիւններու՝ սուննիներու, եզտիներու ներկայացուցիչները: Հռոմի Պապի այցը խիստ խորհրդանշական արժէք է Իրաքի քրիստոնեաներուն համար, որոնց ժառանգութիւնը այստեղ սկիզբ առած է հին Բաբելոնի ժամանակներէն՝ գրեթէ 4000 տարի առաջ:

ԱՄՆ Քալիֆոռնիա նահանգի Պըրպէնք քաղաքի քաղաքային խուրհուրդը միաձայն ճանչցաւ Արցախը որպէս Անկախ Հանրապետութիւն և միեւնոյն ժամանակ չեղարկեց Պըրպէնք -Հադրութ քաղաքներու բարեկամութեան կարգավիճակը, քանի որ քաղաքը անցաւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ: Կը յայտնէ Asbarez՝ նշելով, որ քաղաքի հայ համայնքը 2020-ի Սեպտեմբերին վերսկսուած պատերազմէն յետոյ ամիսներ շարունակ աշխատանքներ տարած է Արցախի ճանաչման ուղղութեամբ:

Back to top button