ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Մարտ 4, 2021

Հայաստանի մէջ Քորոնա վարակի ցուցանիշները կը շարունակեն աճիլ . հիւանդանոցներուն մէջ կ՛ավելցուի մահճակալներու թիւը ։ Այսօր կառավարութեան նիստին յայտարարեց առողջապահութեան նախարար Անահիտ Ավանէսեանը։ Կառավարութեան ենթակայ տեսչական մարմինները թագաժահրի հիւանդութեան յետագայ տարածումէն խուսափելու նպատակով տնտեսվարողներուն կը յորդորեն խստագոյնս պահպանել սահմանուած հակա-համաճարակային կանոնները: Վերահսկողութիւնը կը խստացուի. Խախտումներու պարագային պիտի կիրառուին օրէնքով սահմանուած վարչական պատասխանատւութեան միջոցներ: Նշուած է տեսչական մարմիններու յայտարարութեան մէջ:

«Հայրենիքի փրկութեան շարժում» նախաձեռնութեան վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեանին մեղադրանք առաջադրուած է Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 301- յօդուածով եւ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է ստորագրութիւն՝ չհեռանալու մասին: Նախաքննութիւնը կը շարունակուի: Շարժման վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեանը, Փետրուար 20-ին Ազատութեան հրապարակին մէջ հրաւիրուած հանրահաւաքին յայտարարած էր՝ պէտք է պատրաստ ըլլալ կայծակնային արագութեամբ ապստամբելով վերցնել իշխանութիւնը:

Հայաստանի սպառողական շուկային մէջ 12-ամսուան գիներու աճը կազմել է 5.3 տոկոս: Այս մասին կը տեղեկանանք Վիճակագրական կոմիտէի հրապարակած տուեալներէն: Ձուի գնաճը կը կազմէ՝ 52.5 տոկոս: Շաքարի եւ շաքարաւազի գիները նշուած ժամանակահատուածին աճած են 40.6 տոկոսով, արեւածաղիկի բուսաիւղը՝ 50.4 տոկոսով: Մսամթերքի ապրանքախումբը արձանագրած է 1.5 տոկոս գնաճ:

Back to top button