ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Մարտ 3, 2021

Մենք ուշադիր կը հետեւինք Հայաստանի մէջ շարունակուող քաղաքական գործընթացներուն, յայտարարած է Ամերիկայի Պետական գերատեսչութեան խօսնակ Նետ Փրայս: «Մենք բոլոր կողմերուն կը յորդորենք զսպուածութիւն ցուցաբերել եւ խուսափիլ իրավիճակը լարող կամ բռնի գործողութիւններէն: Կը յորդորենք հայաստանեան գործիչներուն խաղաղ ճանապարհով լուծել իրենց անհամաձայնութիւնները և յարգել օրէնքի գերակայութիւնն ու ժողովրդավարական գործընթացները, Մենք կը շարունակենք աջակցիլ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան եւ անոր ինքնիշխանութեան », -ըսած է Փրայս:

Հայաստանի մէջ համաճարակի թիւերը աւելցած են, մէկ օրուան մէջ հաստատուած է թագաժահրի հիւանդութեան 360 նոր դէպք, կատարուած 2526 քննութեան արդիւնքէն, ունինք մահուան 2 դէպք։ Հիւանդութեամբ փաստացի բուժում կը ստանայ 4889 հիւանդ։

Լիբանանի մէջ կրկին լարուած իրավիճակ է. Պէյրութի կեդրոնական շարք մը փողոցները փակուած են ցուցարար քաղաքացիներուն կողմէ՝ ի նշան մթերքներու գնաճի դէմ բողոքի, կը հաղորդէ ТАСС: Սննդամթերքի, պենզինի, առաջին անհրաժեշտութեան սպառման ապրանքատեսակներու սղութեան պատճառը լիբանանեան ազգային արժոյթի կտրուկ արժեզրկումն է:

Back to top button