ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Փետրուար 26, 2021

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան նախատեսած է հանդիպիլ Հայաստանի Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ Օննիկ Գասպարեանին հետ։ Երկրին մէջ լարուածութիւնը մեղմելու եւ իրավիճակի խաղաղ հանգուցալուծում գտնելու նպատակով նախագահ Սարգսեան կը նախաձեռնէ քննարկումներ:

Այսօր ժամը 11,00-ին նշանակուած Ազգային ժողովի արտահերթ նիստը չէ կայացած։ Կը տեղեկացնէ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեան։ Օրակարգին էր՝ «Բարգաւաճ Հայաստան» և «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւններուն ներկայացուցած ռազմական դրութեան վերացում եւ երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակի քննարկումը։

Իսկ ընդդիմադիր քաղաքական նախաձեռնութեան՝ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ներկայացուցիչներուն մէկ մասը գիշերը անցուցած են Երեւանի Բաղրամեան պողոտայի վրայ, Ազգային ժողովի շէնքին դիմաց, ուր տեղադրած են վրաններ: Բաղրամեան պողոտան գիշերը խաղաղ անցաւ։

Կարդացեք նաև
Close
Back to top button