ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Փետրուար 25, 2021

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ուղիղ եթերով հանրապետութեան հրապարակ հրաւիրեց քաղաքացիները ։ Վարչապետը Գլխաւոր շտապի յայտարարութիւնը կը համարէ ռազմական յեղաշրջման փորձ: Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի յայտարարութիւնը բողոք կ՛արտայայտէ Տիրան Խաչատրեանը գլխաւոր շտապի պետի առաջին տեղակալի պաշտօնէն ազատելու առնչութեամբ:

ԱՀ նախագահ Արայիկ Հարությունեան արձագանգեց․ «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ վերջին ներքաղաքական զարգացումները խիստ մտահոգիչ են, կը յորդորեմ բոլոր կողմերուն սթափութիւն ու ողջամտութիւն ցուցաբերել»։

Այսօր՝ առաւօտ կանուխ մեկնարկեց վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող անհնազանդութեան գործողութիւններ։ Քաղաքացիները փակած էին փողոցներ, որոնք աւելի ուշ, ոստիկաններու յորդորներէն յետոյ, բացուեցան:

Back to top button