ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Փետրուար 24, 2021

«Ամերիկան պէտք է արագ գործէ և կրկին ներգրաւուի ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու աշխատանքներուն, որն ուղղուած է երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման: Յայտարարեց քոնկրէսական Ճէքի Սփիեր՝ ընդգծելով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի աշխատանքներուն Պայտընի վարչակազմի վերաներգրաւուելու կարեւորութիւնը: Ան նշեց , որ հպարտ է միանալու հայկական հարցերով յանձնաժողովի համանախագահներուն եւ իր աւելի քան 100 գործընկերներուն, որոնք Պայտընի վարչակազմին կոչ ըրած են առաջնահերթութիւններու շարքին դիտարկել Հայաստանին յատկացուելիք տնտեսական աջակցութեան և հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման հարցերը:

Վարչապետի հրաժարականը պահանջող Հայրենիքի փրկութեան շարժման անհնազանդութեան գործողութիւնները երէկ ուշ երեկոյեան վերջ գտաւ: ՀՅԴ անդամ Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց, որ Փետրուար 25-էն Հայաստանի տարբեր ուղղութիւններով մեքենաներով երթեր կը սկսին։ Ինչ կը կը վերաբերի Փետրուար 24-ի գործողութիւններուն, Մանուկեան ըսաւ, որ անհնազանդութեան գործողութիւնները կը շարունակուին, բայց թէ որտեղ եւ ո՞ր ժամուն, չըսաւ ընդգծելով, որ այդ անակնկալ է։

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կը յայտնէ աշխարհի վրայ COVID-19-ով վարակման դէպքերու 11 տոկոսով նուազում, իսկ մահուան ելքերու թիւը նախորդ շաբթուան համեմատ նուազած է 20 տոկոսով։

Back to top button