ԿարևորՀասարակություն

Ալեք Մանուկեան եթէ ողջ ըլլար` Մելգոնեանը չէր փակուեր

«Երբոր Լիբանանի պատերազմը սկսաւ թափառական հայու որդին դարձաւ թշուառական հայու որդի»․ Հանրային Ռատիոյի մեր բացառիկ հարցազրոյցին այսպէս սկսաւ իր խօսքը Միացեալ նահանգներէն՝ Ֆլորիտա բնակող պրն․ Զարեհ Արզումանեան, որը եղած է հայ ժողվուրդի նշանաւոր անհատներէն, բարերար՝ Ալեք Մանուկեանի քարտուղարը։ Մենք խօսեցանք անցեալի եւ ներկայի մասին։

Զարեհ Արզումանեան 1963-ին շրջանաւարտ եղած է Մելգոնեան կրթական հաստատութենէն, իսկ 1965-ին Լիբանանը ներկայացուցած է, որպէս մարզիկ Գահիրէի մէջ։ Մենք հեռավար կերպով զրուցեցինք Ալեք Մանուկեանի հիմնական մտահոգութոիններուն մասին։ Ան պատմեց, որ անոր առաջին  մտահոգութիւնը հայ գաղութներու ուսումնական վիճակն էր, հայկական վարժարաններու գոյատեւումն էր, եւ Մելգոնեանը մեծ դեր կը խաղար Մանուկեանի առօրեայ կեանքին մէջ։ Եթէ Ալեք Մանուկեան ողջ ըլլար` Մելգոնեանը չէր փակուեր»,- ըսաւ  զրուցակիցս։

«1977-ին, երբ թրքական օդուժը ռմբակոծեց Մելգոնեանի տղոց շէնքը, Ալեք Մանուկեան արագօրէն հրահանգեց, որ շէնքը շուտով վերակառուցուի»։ Երկրորդ մտահոգութիւնը եկեղեցիներու վիճակն էր, հոգեւորականներու պատրաստութիւնը, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ երկփեղկումը Մանուկեանին կը մտահոգէր։ Բարերարը դէմ էր եկեղեցաշինութեան, որովհետեւ Միջին Արեւելքի մէջ պատահածը կրնար պատահիլ այլուր, ան կողմ էր քաջալերելու ընկերային մշակութային շարժումները հայ գաղթօճախներէն ներս։

Ինչպէս գիտենք, Ալեք Մանուկեան օգնեց Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, Մխիթարեան միաբանութիւնը եւ կը փափաքէր, որ անոնց մեծ նպատակը ըլլար Արեւմտահայերէնի պահպանումը, որովհետեւ Արեւելահայերէնի հանդէպ մտավախութիւն չունէր ան, բայց Արեւմտահայերէնը նոյնիսկ Ամերիկայի դպրոցներուն մէջ հետզհետէ կը պակսէր, ատիկա մտահոգութիւն էր մեծ բարերարին։

Ըստ Արզումանեանի՝ ներկայիս Բարեգործականի նոր ուղղութեամբ հայկական դպրոցներու վիճակը դժուար հարց մըն է։ Դպրոցներ կը փակուին նոյնիսկ Ամերիկայի մէջ։ Միջին Արեւելքի հայ գաղութները կը տկարանան, ինչպէս Եգիպտոսը, Սուրիան եւ Լիբանանը։

Մենք անդրադարձանք նաեւՀայաստանի ներկայ իրավիճակի մասին, ան կողմնակից է առ այն, որ բոլոր հայերը պէտք է զօրավիգ կանգնին Հայաստանի կառավարութեան։ Ըստ Զարեհ Արզումանեանի կառավարութիւնները անցաւոր են, իսկ հայրենիքը կերտող մարդիկ պէտք է ըլլան։

Back to top button