ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Փետրուար 23, 2021

Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի դէմ ուժի կիրառման հետեւանքները եւ Արցախի տարածքներուն մէկ մասի զաւթումը չեն կրնար համարուիլ հակամարտութեան կարգաւորում. միայն քաղաքական բանակցուած կարգաւորումը, որը կը յարգէ բոլորին իրաւունքները եւ կ՛որոշէ Արցախի վերջնական կարգավիճակը, կրնայ համարուիլ հակամարտութեան վերջակէտ: Ըսաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան՝ ԱԺ տարածաշրջանային և եվրասիական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նիստին՝ Տարածաշրջանային ներկայ մարտահրաւէրները յետ պատերազմեան Հայաստանի մէջ, խորագիրով քննարկումին:

«Մեր դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ՝ Մինսքի խումբի համանախագահութիւնը Ղարաբաղեան հակամարտութան կարգաւորման՝ միակ միջազգայնօրէն ճանաչուած ձեւաչափ, եւ մենք շարունակելու ենք սատարել այդ ձևաչափը»,-ըսաւ նախարար Այվազեան:

«Հայրենիքի փրկութեան շարժում» նախաձեռնութեան անհնազանդութեան գործողութիւններու ծիրէն ներս, քաղաքացիները փորձած են խոչընդոտել Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մուտքը կառավարութեան 3-րդ մասնաշէնք: Սակայն յայտնի դարձաւ, որ Վարչապետը արդէն կառավարութեան 3-րդ մասնաշէնքին մէջ է, եւ խորհրդակցութիւն կ՛ունենայ շրջակայ միջավայրի նախարարութեան հետ:

Տեղահանուած մեր հայրենակիցներէն 16 ընտանիք՝ 90 քաղաքացի, արդէն բնակութիւն հաստատած են Ասկերանի Պատարա գիւղը, ինչպես նաեւ Հարաւը։ Կահաւորումը և առաջին անհրաժեշտութան կենցաղային միջոցները կ՛ապահովենք տուներու բարեկարգման եւ ընտանիքներու բնակեցման զուգահեռ։ Կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան Աշխատանքի, և ընկերային հարցերու նախարար Մանէ Թանդիլեան։

Back to top button