ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Փետրուար 22, 2021

Հայկական կողմը շահագրգռուած է ընդլայնելու և զարգացնելու Կիւմրիի մէջ տեղակայուած 102-րդ ռուսական ռազմակայանի ներուժը,-ըսաւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան Ռիա Նովսթի- ին տուած հարցազրոյցին մէջ: «Ռուս սահմանապահներուն վստահուած են ՝ Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանի անվտանգութիւնն ու պաշտպանութիւնը ապահովելու համար», — նշեց նախարար Յարութիւնեան։

«Աուրօրա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը կը յայտարարէ Արցախի օգնութեան ծրագիրի հիմնովին նոր շրջան: Պատերազմէն ետք «Աուրօրա»-ի կողմէն մեկնարկած ծրագիրը #AraratChallenge նախաձեռնութեան միջոցով մարդասիրական անյապաղ օգնութիւն տրամադրեց արցախցիներուն: Բացի այդ, «Աուրօրա»-ի համահիմնադիրներ Նուպար Աֆէյեանը, Վարդան Գրեգորեանը եւ Ռուբէն Վարդանեանը 1 միլիոն տոլար նուիրաբերեցին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին՝ Արցախի օգնութեան ծրագիրներուն համար:

ՆԱՍԱ-ն կասկածներ ունի , որ «2024 թուականաին Լուսնի վրա վայրէջք կատարելու նպատակը կրնայ այլեւս իրատեսական չըլլալ վերջին երկու տարիներու դրամական յատկացումներու պատճառով, որոնք բավարար չեն 2024-ին այդ նպատակն իրագործելի դարձնելու համար», — բացատրեց ՆԱՍ-ի ղեկավարը։ Ան ըսաւ , որ Ամերիկայի նոր նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը կը սատարէ «Արտեմիս» ծրագրի նպատակները: «Արտեմիս» -ը Ամերիկեան կառավարութեան կողմէն հովանաւորուող տիեզերական թռիչքներու միջազգային ծրագիր է, որուն նպատակն է «առաջին կնոջ, ինչպէս նաև արական սեռի հերթական ներկայացուցիչը» իջեցնել Լուսնի վրայ, մինչեւ 2024 թուական:

Back to top button