ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Փետրուար 19, 2021

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար՝ Արա Այվազեան, Ռուսաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը հանդիպում ունեցաւ ռուսահայ մտաւորական եւ գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Հանգամանալից քննարկում տեղի ունեցած է համահայկական օրակարգի հարցերի շուրջ, մեծապէս կարեւոր նկատելով Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ամարապնդումն ու այս ուղղութեամբ յետագայ համատեղ քայլերու իրականացումը:

Պատերազմի առաջին օրերէն սփիւռքի ջանքերով և «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի օժանդակութեամբ սփիւռքի տարբեր կեդրոններէն Հայաստան կը հասնի մեծածաւալ մարդասիրական օգնութիւններ։ Առ այսօր Հայաստան հասած է աւելի քան 184 թոն մարդասիրական օգնութիւն: Կըյայտնեն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամէն։ Մարդասիրական բեռները կը շարունակեն ժամանել Երեւան, այս պահու դրութեամբ պահեստաւորուած է Յունուար 22-էն Փետրուար 4 Լոս Անճլըսէն ստացաց բեռը։ Դասակարգման գործընթացի մէջ է եւ շուտով կը հասնի իրենց հասցէատէրերուն։

Ամէն տարի Փետրուար 19-ին՝ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրը, մեր երկրին մէջ կը նշուի Գիրք նուիրելու օր: Տարուէ տարի կ՛արմատաւորուի մարդոց գիրք նուիրելու ավանդոյթը, եւ տօնին առիթով բազմաբնոյթ միջոցառումներ կը կազմակերպուին: Հայաստանի Ազգային գրադարանը կը հրաւիրէ բոլորին մասնակցելու միջոցառումներուն, որոնք տեղի կ՛ունենան այսօր գրադարանին մէջ:

Back to top button