ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Փետրուար 18, 2021

Հայաստանի տնտեսութիւնը յետ ճգնաժամային վերականգնման առաջին նշանները կը ցուցադրէ: էականօրէն աւելցած են արտահանման ու ներմուծման ծաւալները Փետրուարի առաջին 15 օրերուն: «Այստեղէն հետեւութիւնն այն է, որ տնտեսութիւնը կարծես թէ կը մտնէ վերականգնման փուլ, ու ի հարկէ, սա շատ կարեւոր նորութիւն է»,- ընդգծեց Վարչապետը:

Կառավարութիւնը կը շարունակէ առեւտուրին աջակցութեան բոլոր ծրագիրները։ Կառավարութիւնը նաև հաստատեց 61 մլրդ դրամի ծրագիրներ: Նշեց փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան արցախահայութեան ընկերային աջակցութիւն ցուցաբերելու նպատակով։

Այսօր Կոտայքի մարզպետն ու Հրազդան քաղաքային համայնքի ղեկավարը Կոտայքի մարզի Հրազդան բաժանմունքի բակէն ճանապարհեցին Հրազդանի տարածաշրջանի զորակոչիկները պարտադիր զինուորական ծառայութեան: Մարզպետն ու քաղաքապետը տղոց մաղթեցին անփորձանք ու խաղաղ ծառայութիւն:

Նիւ Ճըրսի նահանգի Աթլանթիկ Սիթիի մէջ պայթեցուցին անցեալին Թրամփին պատկանող Trump Plaza 39-յարկանի հիւրանոցը, նշանաւոր շէնքի քանդումը եկած են դիտելու քաղաքի բազմաթիւ բնակիչներ:

Back to top button