

Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու մասին Վարչապետի առաջարկը դրական արձագանք չէ ստացած խորհրդարանական ընդդիմութեան կողմէն, հասարակութեան լայն շերտերու շրջանին մէջ չկայ արտահերթ ընտրութիւններու պահանջք, «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը կը շարունակէ աջակցիլ Վարչապետին և կառավարութեան Նոյեմբեր 18-ին ներկայացուած ճանապարհային քարտէզի իրականացման գործին ։ Փետրուար 7-ին Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը հանդիպում ունեցած է Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ: Կը յայտնէ Ազգային Ժողովի մամլոյ ծառայութիւնը:
Արցախի նախագահ Արայիկ Հարութիւնեան Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածամօր Հովանիի մայր տաճարին մէջ երէկ մասնակցած է Արցախի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի մատուցած առաջնորդական առաջին պատարագին, ընթերցուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակը Վրթանէս Եպիսկոպոս Աբրահամեանի նորակարգութեան վերաբերեալ:
Լեհ քաղաքական գործիչ և փաստաբան Թոմաշ Լեխ Բուչեկ նամակ յղած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին ՝ խնդրելով միջամտել և օգնել Արցախեան պատերազմին՝ հայերու դէմ ռազմական յանցագործութիւններու համար Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին պատասխանատւութեան ենթարկելու հարցին մէջ: Թոմաշ Լեխ Բուչեկ նախապէս նոյն հարցով նամակ ուղարկած էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին, Ամերիկայի նախագահ Ճօ Պայտընին և Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին:
