ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յունուարի 25, 2021

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոս շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ճօ Պայտընին` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնը ստանձնելու առիթով: Նորին Սրբութիւնը յայտնած է, որ մեր ժողովուրդը և յատկապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ հաստատուած հայերը պատրաստ են գործակցելու իր եւ իր ղեկավարած վարչակազմին հետ՝ յանուն մարդու իրաւունքների եւ արժէքների պաշտպանութեան, Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի կապերու ամրացման, ինչպէս նաեւ աշխարհի վրայ խաղաղութեան հաստատման:

Նորին Սրբութիւնը յիշեցուցած է, որ նախագահ Պայտըն Սենատի անդամ եղած տարիներէն սկսած բարեկամական կապեր հաստատած է ու հայ ժողովրդի հետ և յատուկ յարգանք ցուցաբերած Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակի նկատմամբ: Հայրապետը վստահութիւն յայտնած է , որ Նախագահը վերանորոգ կերպով պիտի շարունակէ պաշտպանել ժողովրդավարութեան, ժողովուրդներու ինքնիշխանութեան եւ ցեղասպանութեան կանխարգիլման աշխատանքները և այս առումով յոյս յայտնած Միացեալ Նահանգներու կողմէն Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման վերաբերեալ:

Սփիւռքի Գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, Արցախ այցի երկրորդ օրը հանդիպեցաւ Արցախի Աշխատանքի և ընկերային հարցերու նախարար Մանէ Թանդիլեանին հետ։ Այսօր սփիւռքի դերակատարութիւնը աւելի է Արցախի վերակառուցման և հայկականութեան պահպանման գործին մէջ: Գլխաւոր յանձնակատարը կարեւոր նկատած՝ սփիւռքի ֆիզիկական կապը Արցախի հետ, այցելությունները, զարգացման և կարողութիւններու, հմտութիւններու, գիտելիքներու փոխանցման ծրագիրները:

«Արցախը կրնայ շուտ ոտքի կանգնիլ նաեւ սփիւռքի ընկերային և տնտեսական ներգրավվածութեամբ՝ հիմնելով ձեռնարկատիրութիւններ, որոնք Արցախը կը դարձնեն ինքնաբաւ»,-ըսած է Մանէ Թանդիլեան։

Հայաստանի և Իրանի միջեւ առեւտրային փոխանակումներու ծաւալը կը հասնի 1 միլիարդ տոլարի: Կը հաղորդէ ԻՌՆԱ գործակալութիւնը, Հայաստանի տնտեսութեան նախարար՝ Վահան Քերոբեան կիրակի օր Իրանի Սպահան նահանգի նահանգապետ Ապպաս Ռեզայիի հետ հանդիպումին ըսած է, որ Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան ծրագիրները կը ներառեն առեւտրական շրջանառութեան զարգացում և համատեղ արտադրութիւն Իրանի հետ:

Back to top button