ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յունուարի 22, 2021

ԵվրաԽորհրդարանը դատապարտեց Ատրպէյճանի պատերազմական յանցագործութիւնները և ընդգծեց, որ ատոնք անպատիժ պէտք չէ մնան։ Հայաստան մեծապես կարեւոր կը համարէ, Եվրոպական խորհրդարանի դատապարտումը Թուրքիոյ կողմէն Սուրիայէն եւ այլ վայրերէն ԼՂ հակամարտութեան գօտի օտարերկրեայ զինեալ ահաբեկիչներու տեղափոխման փաստը: Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Աննա Նաղդալեան, առանձնայատուկ ընդգծեց, որ Եվրոպական խորհրդարանի դիրքորոշումը մարդասիրական հարցերու, մասնաւորապէս՝ գերիներու անյապաղ վերադարձի առնչութեամբ:

Այսօր Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած կազմով խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ։ Վարչապետ Փաշինյան կարեւոր նկատեց խորհրդակցութեան Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մասնակցութիւնը՝ տեղեկատւութեան փոխանակման, մարտավարական և ռազմավարական առումով յետագայ ընելիքներու ծրագրման շուրջ։

Հայաստանի մէջ Ամերիկայի դեսպանատունը կը տեղեկացնէ, որ դեսպան Լին Թրէյսին հանդիպում ունեցած է վերլուծական կեդրոններու մասնագէտներուն հետ՝ քննարկելու Միացեալ Նահանգներու (որպէս Մինսքի խումբի համանախագահ երկիր) յանձնառութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հիմնախնդիրներու կայուն ու համապարփակ կարգաւորման հարցին։ «Դեսպանը շեշտած է նաև գերի տարուած անձերու անվտանգ վերադարձի կարեւորութիւնը»։

Back to top button