Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յունուարի 21, 2021

Հայաստան որոշած է չմերժել COVID-19-ի դէմ անգլիական «AstraZeneca» ընկերութեան պատուաստանիւթի ձեռքբերումը` նախատեսուած բնակչութեան 3%-ի համար ժամկէտը մօտաւորապէս 2021 թուականի Մարտին։ Ինչպես կը յայտնեն Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութենէն, Միացեալ Թագաւորութեան COVID-19-ի դէմ պատուաստանիւթը անցած է փորձարկումների բոլոր փուլերը, բաւարարած է պատուաստանիւթի անվտանգութիւնը և Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան կողմէ ստացած է արտակարգ իրավիճակներու մէջ կիրառման արտօնութիւն:

Միացեալ Նահանգներու 46-րդ նախագահը դարձաւ Ճօ Պայտըն, ան պիտի պայքարի համաճարակին, տնտեսական նահանջին եւ վերջին չորս տարիներուն երկիրը մասնատած նախորդ վարչակազմին շարք մը քայլերուն դէմ։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհաւորած է նոր նախագահը, անոր յիշեցնելով հայութեան ակնկալիքները. յաւելեալ աջակցութիւն Արցախին եւ Հայաստանին,Ատրպէյճանին ռազմական աջակցութեան սառեցում, հայ գերիներու ազատ արձակման ապահովում, եւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչում։

Կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանին Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին, Շաբաթ, 6 Փերտուարին, տեղի պիտի ունենայ նոյն համալսարանի հրատարակչատան «Հայակական Շարք» էն լոյս տեսած՝ դոկտ. Վահրամ Շէմմասեանի «Մուսա Լերան Հայերը» (1840-1915) գիրքին ներկայացումը, հեղինակին կողմէ։ Դոկտ. Շէմմասեան Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրի վարիչն է։

Back to top button