ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յունուարի 20, 2021

Այսօր Յունուար 20-ին Միացյալ Նահանգներու մայրաքաղաքին մէջ կը կատարուի Ամերիկայի ընտրուած նախագահ Ճոզէֆ Պայտընի պաշտօնակալութեան արարողութիւնը։ (Երեւանի ժամանակով 21:00-ին): Ուաշինկթընի մէջ իրադրութիւնը տագնապալի Է. դաշնային ծառայութիւնները եւ նահանգներու իշխանութիւնները մտահոգ են քաղաքական ծայրայեղականներու մասնակցութեամբ անկարգութիւններէն։ Ապահովութեան համար աւելի քան 25 հազար մարտիկներ տեղափոխուած են Ուաշինկթըն եւ արուարձաններ: Մինչ հարապարկուեցաւ Ամերիկայի նախագահի պաշտօնին վերջին ժամերը անցնող Տոնալտ Թրամփի հրաժեշտի ելոյթի տեսագրութիւնը: Ան ընդունեց Պայտընի յաղթանակն ու անոր մաղթած է յաջողութիւններ:

Հայաստանի Խորհրդարանը առաջին ընթերցմամբ ընդունեց օրէնքի նախագիծ, որմով կ՛առաջարուի Սեպտեմբերի վերջին շաբաթ օրը նշել որպէս ազգային փոքրամասնութիւններու օր։

Բարձր արհեստագիտութեան , արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեան կը տեղեկացնէ, որ հայկական ինժեներական ընկերութիւնները կրնան անվճար մասնակցիլ տարածաշրջանին մէջ ամենախոշոր՝ Expo Electronica ամենամեայ ցուցահանդէսին, որը տեղի կ՛ունենայ 2021թ․ Ապրիլ 13-էն մինչեւ 15֊ը՝ Մոսկուայի մէջ»,- գրած է նախարար Արշակեան:     

  

Back to top button