ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յունուարի 18, 2021

Փետրուար 1-էն 12 Թուրքիան զօրավարժութիւններ կ՛անցկացնէ Հայաստանի սահմանին մօտ գտնուող Կարս քաղաքը, որուն կը մասնակցին նաեւ ատրպէյճանցի զինուորականները։ Այս լուրը միաժամանակ կը յայտնեն թրքական եւ ատրպէյճանական լրատուամիջոցները: Անոնք վերջին անգամ համատեղ զօրավարժութիւններ կատարեցին Յուլիսին` հայ-ատրպէյճանական սահմանին սկսած բախումներէն մի քանի շաբաթ անց:

Թուրքիան և Ատրպէյճանը միլիոններ կը ծախսեն աշխարհով մէկ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ճշմարտութիւնը ժխտելու համար: Եւ հիմա, կը փորձեն թաքցնել նաեւ ճշմարտութիւնը Լեռնային Ղարաբաղ թուրք-ատրպէյճանական ներխուժման և տարածքի իրական պատմութեան մասին, գրած է աշխարհահռչակ System of a Down խումբի երգիչ՝ Սերժ Թանքեան:

Հայաստանի մէջ Յունուար 22-ին, Պետական մրցանակներու դափնեկիր երգահան, դաշնակահար՝ Առնօ Պապաճանեանի 100-ամեակը կը նշուի շարք մը միջոցառումներով: Ծննդեան օրը՝ Յունուար 22-ին Երեւանի կեդրոնական գերեզմանատան մէջ տեղի կ՛ունենայ յարգանքի տուրք մատուցելու արարողութիւն։ Իսկ արձանի յարակից տարածքին մէջ համերգային ծրագիր՝ կազմուած երգահանի ստեղծագործութիւններէն, իսկ երեկոյեան կը կայանայ համերգ Արամ Խաչատրեան դահլիճին մէջ:

Back to top button