ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յունուարի 14, 2021

Կառավարութեան 2021 թուականի առաջին նիստին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յաջողութիւն մաղթեց գործադիրի բոլոր անդամներուն: «Այս դժուար ժամանակաշրջանին, որպէսզի պարտականութիւնները, կարողանանք պատշաճ մակարդակով կատարել և երկիրը դուրս բերենք ճգնաժամային իրավիճակէն: Մեզի պետք է գործադրել առանձնայատուկ ջանքեր և առանձնայատուկ փոխ համագործակցութիւն ու կառավարման նոր որակ բերել մեր երկրին,»,- ըսաւ վարչապետ Փաշինեան։

Արցախցիներու աջակցութեան ծրագիրներուն դիմելու ժամկէտերը երկարաձգուած են։ Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ ատրպէյճանական կողմի սադրիչ քայլերը և ատոնք կ՛որակէ որպէս գործողութիւն՝ ուղղուած ատրպէյճան-ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիի իրավիճակի ապակայունացման և խաղաղապահ ջանքերու խաթարման:

«Յունուար 13-ին Ատրպէյճանի զինուած ուժերը շփման գիծի կեդրոնական ուղղութեամբ կոպտօրէն խախտած են հրադադարը: Միջադէպի արդիւնքով Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի զինծառայող մը վիրաւորուած է»:

Back to top button