ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յունուարի 12, 2021

Մոսկուան կը շարունակէ մնալ Երեւանի գլխաւոր ռազմավարական դաշնակիցը Անվտանգութեան ոլորտին մէջ , հայկական կողմը յոյսով է, որ Ռուսաստանի հետ երկկողմ յարաբերութիւնները կը շարունակեն զարգանալ՝ ըսաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր հանդիպումի ընթացքին Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինին հետ։

Վարչապետը նշեց , որ Ռուսաստանի նախագահի ներդրումը Ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորման գործընթացին մէջ «շատ շօշափելի էր, յատկապէս հիմա»: Գնահատելով տարածաշրջանի զարգացման հեռանկարները Ռուսաստանի, Հայաստանի և Ատրպէյճանի կողմէն ստորագրուած եռակողմ յայտարարութենէն ետք՝ Փաշինեան ընդգծեց , որ տնտեսական հարցերու լուծումը կարող է բարդանալ «չլուծուած մարդասիրական խնդիրներու» պատճառով, իսկ ամենազգայուն հարցերէն են ռազմագերիներու և զոհուածներու մարմիններու փոխանակումը:

Հայաստանի ներկայիս իրավիճակը՝ Սփյուռքի գիտական շրջանակներուն ներկայացնելու և գիտնականներու հարցերուն պատասխանելու նպատակով Գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան մասնակցեցաւ Ամերիկահայ ճարտարագէտների և գիտնականներու ընկերակցութեան հետ առցանց հանդիպումին:

Տարբեր ոլորտներու շուրջ 2 տասնեակ գիտնականներու հետ Գլխաւոր յանձնակատարը կարեւոր նկատեց այս պայմաններուն սփիւռքի մտաւոր ներուժի ծառայեցումը Հայաստանի բոլոր բնագաւառներու յառաջընթացին: Սփիւռքահայ գիտնականները հարցեր ուղղած են Զարեհ Սինանեանին, որոնք մասնաւորապէս կը վերաբերին Հայաստանի կարիքներուն, գիտական շրջանակներու համախմբման և գիտութեան հանդէպ պետութեան հոգածութեան:

Back to top button