Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Դեկտեմբերի 02, 2020

Ցաւօք՝ Պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ, ծառայողական պարտականութիւնները կատարելու ատեն ՝ տարհանուող զինամթերքի պայթումի հետեւանքով, զոհուած են ՊԲ զինծառայողներ Ժիրայր Վաչիկի Մաթէոսեանը (ծնվ. 2001թ.) եւ Գեղամ Մերուժանի Յովհաննիսեանը (ծնվ. 2001թ.):

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը և իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինծառայողներու ընտանիքներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: Արցախի նախագահ Արայիկ Հարութիւնեանի՝ ստորագրած հրամանագիրի համաձայն՝ Վիտալի Բալասանեան նշանակուած է Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար: Նախագահ Հարութիւնեանն ընդունած է Վիտալի Բալասանեանը:

Քննարկուած են ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման և Հանրապետութեան ներքին ու արտաքին անվտանգութեանը վերաբերող հարցեր: Գերմանիոյ վարչապետ Անժելա Մերքէլը, մասնակցելով Եվրախորհրդարանին մէջ կայացած հերթական նիստին, անդրադարձաւ ԵՄ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն, «ԵՄ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ չկրցանք ապահովել ցանկալի յառաջընթացը»,- ըսած է Մերքէլ։

Ան նշած է, որ Դեկտեմբերին կայանալիք Եվրամիութեան գագաթաժողովի օրակարգին վրայ պիտի ըլլայ նաեւ Թուրքիոյ հարցը։

Back to top button