Արեւմտահայերէն լուրեր Դեկտեմբերի 01, 2020
Ֆրանսայի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը Դեկտ․ 6-9 կ՛այցելեն Հայաստան և Արցախ: Տեղեկութիւնը յայտնեց ֆրանսացի քաղաքական գործիչ Օլիվիէ Ֆորը։
Անոնք ցանկութիւն յայտնած են քննարկելու իրադրութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ և ծրագրած են յաջորդ շաբաթ ժամանել այստեղ: Օլիվիէ Ֆորի խօսքով, խորհրդարանական պատուիրակութեան մէջ կ՛ընդգրկուին նաեւ միջազգային յարաբերութիւններու քարտուղար Ժան-Մարք Ժերմենը և Ալֆորուիլի պատգամաւոր Իզապէլ Սանթիաքոն:
Այցի ընթացքին կը նախատեսուին հանդիպումներ Հայաստանի և Արցախի ղեկավարներուն հետ։ Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան՝ Արման Թաթոյեանը կը տեղեկացնէ, որ աշխատակազմը աւարտած է այս պատերազմի ընթացքին հայ գերիների՝ զինուորականներու եւ քաղաքացիական անձերու հանդէպ ատրպէյճանական վայրագութիւններուն վերաբերյալ ապացոյցների հետազօտման ու իրաւական ձեւակերպումներու հերթական փուլը:
Թաթոյեան նշած է, որ ատրպէյճանական զինուած ուժերու խոշտանգումներն ու դաժանութիւնները, անմարդկային վերաբերմունքը մեծ ծաւալի են, առկայ են պատերազմական յանցագործութիւններու ակնյայտ յատկանիշներ՝ էթնիկ- ցեղային ատելութեան շարժառիթներով:
Նոյ․ 9-ի Համաձայն Հայաստանի, Ռուսաստանի և Ատրպէյճանի ղեկավարներու ստորագրած յայտարարութեան՝ Քաշաթաղի շրջանը կ՛անցնի Ատրպէյճանի վերահսկողոթեան տակ:
Բերձորի միջանցքը՝ 5 քիլոմեթր լայնութեամբ, միակ ճանապարհն է՝ շրջանցելով Շուշին, կ՛ապահովէ Արցախի կապը Հայաստանի հետ և կը մնայ Ռուսաստանի խաղաղապահ առաքելութեան վերահսկողութեան տակ: