Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Նոյեմբերի 27, 2020

Նոյեմբեր 27-ին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն միջեւ տեղի ունեցած է ժամանակաւոր մարտական հենակէտերու փաստացի տեղակայման կէտերու յստակեցում։ Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութենէն:

«Պետական սահմանի սահմանագծումը եւ սահմանազատումը տեւական, համալիր գործընթացներն են, որոնք կ՛իրականացուին պետութիւններու միջեւ ձեւաւորուող համատեղ միջգերատեսչական յանձնաժողովներու եւ աշխատանքային խումբերու կողմէ՝ միջպետական բանակցութիւններու ճանապարհով, որուն իբրեւ արդիւնք կը կնքուի համապատասխան միջազգային փաստաթուղթ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Գոհաբանութեան օրը, Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած է 23–րդ ամենամեայ Հեռուստամարաթոնը, որուն կարգախօսն էր «Համախմբուածութիւն, ուժ, հաւատք»:

ԱՄՆ հայ համայնքի համախմբուածութեան շնորհիւ հանգանակուած է 22.990.898 ԱՄՆ տոլար:

«Արցախի եւ Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակին պատճառով՝ Հեռուստամարաթոն 2020-ի հանգանակութիւնները պիտի ուղղուին Արցախէն տեղահանուած եւ հայրենիքի համար զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն աջակցութեան: Նպատակն է նիւթապէս աջակցիլ այս ընտանիքներուն, շուրջ 100,000 մարդու, ապահովել բնակարաններով եւ 1 տարուայ համար անհրաժեշտ տարրական պարագաներով, ինչպէս նաեւ կազմակերպել տեղահանուած երեխաներու պատշաճ կրթութիւնը»,– նշած է ԱՄՆ–ի «Հայաստան» հիմնադրամի ատենապետ Մարիա Մեհրանեան:

Նոյեմբեր 22–ին սկսած ֆրանսական հեռախօսամարաթոնին ծիրէն ներս հանգանակուած էր շուրջ 3.132.000 ԱՄՆ տոլար: «Ազնաւուր» հիմնադրամի տնօրէն Քրիսթինա Ազնաւուրն ու հիմնադրամի բարեկամներ Սթէֆան Հասպանեանը, Եուրի և Տէնիս Ճորքայէֆները Փարիզէն կը մեկնին Հայաստան մարդասիրական բեռը տեղափոխող օդանաւով։

Back to top button