Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Նոյեմբերի 26, 2020

Կառավարութեան համար բացարձակ առաջնահերթութիւն է անյայտ կորսուածներու որոնողական աշխատանքները, գերիներու փոխանակումը։ Կառավարութեան այսօրուան նիստին ըսաւ վարչապետը՝ աւելցնելով, որ այս խնդիրներուն վրայ ամենօրեայ դրութեամբ կ՛աշխատին։

Մօտաւորոպէս 2 ամսուան դադարէն ետք, այսօր մեկնարկեց ՀՀ Կառավարութեան հերթական նիստը։ Գարնան կիսուն Հայաստանը կ՛ունենայ Covid-19-ի պատուաստանիւթ։

ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան կառավարութեան նիստին այսօր ներկայացուց համավարակի իրավիճակն ու ըսաւ, որ հիւանդանոցային ծանրաբեռնուածութիւնը տանելի է։

Թորոսեանը նշեց, որ արդէն կանխավճար տուած են պատուաստանիւթը ձեռք բերելու համար։ երէկ երեկոյեան Նոյեմբեր 25-ին, մօտաւորապէս երկու ժամ տեւած քննարկումէն ետք, Ֆրանսայի Ծերակոյտը որոշեց հաստատել «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին» բանաձեւը՝ 305 քուէներով։ Միայն մէկ ծերակուտական անոր դէմ քուարկեց։

Քննարկումին ընթացքին 12 ծերակուտականներ ելոթյներ ունեցան, դատապարտելով Արցախի մէջ ատրպէյճանական պատերազմական ոճիրները եւ լուսաձակի տակ առնելով Թուրքիոյ մեղսակցութիւնը՝ ռազմական աջակցութեան եւ իսլամ ծայրայեղական ահաբեկիչներ տրամադրելու միջոցաւ։

Ծերակուտականները Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու հրամայականը ներկայացուցին իբրեւ Արցախի հայութեան համար մահ ու կենացի պայքար՝ ազդարարելով, որ շրջանի հայութեան հազարամեայ մշակութային ժառանգութիւնը ոչնչանալու վտանգ կը դիմագրաւէ։

Անոնք նաեւ յիշեցուցին, որ Թուրիքա կը ջանայ վերակենդանացնել Օսմանեան կայսրութիւնը։

Back to top button