Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Նոյեմբերի 24, 2020

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը դիմաւորելու պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Յորդանանի թագաւորական ընդունելութիւններու պալատին մէջ այսօր։

Հայաստանի նախագահը կը շարունակէ արաբական աշխարհի տարբեր երկիրներու ղեկավարներուն հետ հանդիպումները՝ վերահաստատելու այդ երկիրներուն հետ մեր բարեկամութիւնն ու համագործակցութեան պատրաստակամութիւնը, ընդլայնելու և ամրապնդելու կապերը։

Զրուցակիցները համակարծիք եղած են , որ Հայաստանն ու Յորդանանը կրնան յաջողութեամբ համագործակցիլ տարբեր ոլորտներու մէջ։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան մէջ հանդիպում ունեցաւ արցախեան պատերազմի գերի տարուած, անհետ կորած զինուորականներու և քաղաքացիական անձերու ընտանիքներու անդամներուն հետ:

Իր խօսքին մէջ, վարչապետը նշեց, որ բարդ շրջան մը կ՛ապրինք, բայց պէտք է ապրինք միասին: Սա ընդհանուր ցաւ է: Նման հանդիպումները պիտի ըլլան շարունակական: Կառավարութեան ղեկավարը լսեց նաեւ ներկաները, պարզաբանումներ ներկայացուց և պատասխանեց անոնց տարբեր հարցերուն:

Երևանի աւագանին այսօր միաձայն որոշում ընդունեց՝ 2020 թուականի պիւտճէով ամանօրեայ միջոցառումներու իրականացման նպատակով նախատեսուած 100 միլիոն դրամը Արցախի մայրաքաղաքին տրամադրելու:

Կը նախատեսուի այդ գումարը ուղղել վնասուած քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու վերականգնողական աշխատանքներուն:

Back to top button