Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Նոյեմբերի 23, 2020

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Նոյ․ 23-ին կարճատեւ աշխատանքային այցով կը մեկնի Հորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութիւն:

Հայաստանի նախագահը հանդիպում կ՛ունենայ Հորդանանի թագաւորին հետ։ Կը Նախատեսուի, որ Հայաստանի նախագահը և Հորդանանի թագաւորը կը քննարկեն երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման և տարբեր ոլորտներու մէջ փոխշահաւէտ համագործակցութեան ընդլայնումը։

Երեւան հասաւ Ֆրանսայի կառավարութեան մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող առաջին ինքնաթիռը։ Երկրորդ ինքնաթիռը կը ժամանէ նոյ․ 27-ին։ Կը յայտնէ Հաայստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոտը: «Ինքնաթիռը բժշկական սարքեր և դեղեր կը տեղափոխէ՝ Հայաստանի առողջապահական համակարգին, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած մարդոց աջակցելու համար»,- գրած է դեսպանը։

Նախօրէին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը այցելած էր «Հայաստան» հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղ` աջակցելու Լեռնային Ղարաբաղի տեղահանուած բնակչութեան օգնութեան համար կազմակերպուող դրամահաւաքին։ Այս դրամահաւաքին հաւաքուած է մօտ 2 միլիոն իւրօ։

Back to top button