ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Հոկտեմբերի 30, 2020

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանը կը յայտնէ, որ հարաւային ճակատին վրայ ուժգին մարտեր կ’ընթանան, նաեւ լուսանկարներ հրապարակեց ՝ կանանց առաջին վաշտի պատրաստութեան վարժանքներէն :

Մինչ Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները կը շարունակեն թշնամիի խմբաւորումներու տեղաբաշխման շրջաններուն մէջ հետախուզման եւ կրակային խոցման գործողութիւնները, որոնց շնորհիւ ոչնչացուած է մեծ քանակով թշնամական զինամթերք եւ մարդկային ուժ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Կէս գիշերէն ետք հակառակորդի ուժերը փորձած են նոր յարձակում ձեռնարկել հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ, որ կասեցուած է բանակային ստորաբաժանումներուն կողմէ: Թշնամական ուժերը յաջողութեան հասնելու փորձեր ձեռնարկած են նաեւ ճակատային գիծի հիւսիսային հատուածին վրայ, որ նոյնպես կասեցուած է: Այստեղ եւս թշնամական ուժերը կրած են լուրջ կորուստներ: Հակառակորդը շարունակած է թիրախաւորել նաեւ խաղաղ բնակավայրերը:

Back to top button