ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Հոկտեմբերի 29, 2020

Այսօր թշնամական ուժերու կողմէն «Սմերչ» համազարկային կրակի հրթիռակոծութեան կ’ենթարկուին Ստեփանակերտ, Շուշի և Մարտակերտ քաղաքները: Թշնամին, հերթական անգամ խախտելով միջազգային մարդասիրական և սովորութային իրաւունքների պահանջները, կրակի տակ առած է բացառապէս խաղաղ բնակավայրերը, որուն հետեւանքով քաղաքացիական բնակչութեան շրջանին մէջ կան տուժածներ: Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը կը կատարէ հերթական պատերազմական յանցագործութիւնը: Իրադրութեան յետագայ լարման համար ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ատրպէյճանի յանցագործ ղեկավարութիւնը: Ըսուած է պաշտպանութեան բանակի հաղորդագրութեան մէջ։

Ռազմական գործողութիւնները առաջնագիծի տարբեր ուղղութիւններով ուժգին կերպով կը շարունակուին։ Գիշերուան ընթացքին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին վրայ կայուն-լարուած դաշտային իրադրութիւնը էական փոփոխութիւններու չէ ենթարկուած: Առաւօտ կանուխ հակառակորդը վերսկսած է Արցախի Հանրապետութեան խաղաղ բնակավայրերու թիրախաւորումը: Պաշտպանութեան Բանակի հակա-օդային պաշտպանութեան ուժերու կողմէ ոչնչացուած է թշնամական հերթական «Պայրաքտար» հարուածային անօդաչուն: ՊԲ ստորաբաժանումները կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել առաջադրուած մարտական խնդիրները՝ մարտավարական իրադրութիւնը պահելով վերահսկողութեան տակ:

Back to top button