ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Հոկտեմբերի 26, 2020

Արցախի Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն կը յատնեն, որ Ատրպէյճանական կողմը հրադադարի կարգը խախտեց նաև խաղաղ բնակավայրերուն մէջ։ «Թշնամին Մարտունի քաղաքի վրայ կիրառեց ռազմական օդուժ , կոպտօրէն խախտելով մարդասիրական նպատակով ձեռք բերուած կրակի դադարի մասին պայմանաւորուածութիւնը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Հոկտեմբերի 26-ի հրադադարի ուժի մեջ մտնելէն կարճ ժամանակ անց՝ 8:45-ի սահմաններուն հակառակորդը հրետանային կրակ վարած է Արցախի հիւսիս-արեւելեան մարտական դիրքերու ուղղութեամբ, իսկ 09:10-ի սահմաններուն ալ թիրախաւորած է հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ դիրքերը` արձակելով հինգ հրետանային արկ։

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հերքէ ատրպէյճանական կողմի այն մեղադրանքները, թէ իբր հայկական կողմն է , որ կը խախտէ հրադադարը։ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան գրեց․ «Չնայած առանձին սադրանքներուն՝ հրադարարը ընդհանուր առմամբ կը պահպանուի: Հայկական կողմը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ հրադադարի կարգին»:

Back to top button