ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Հոկտեմբերի 22, 2020

Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ մարտերը կ՛ընթանան ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով: Արցախ-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին ՝ գիշերուան ընթացքին իրադրութիւնը եղած է յարաբերական կայուն-լարուած: Առանձին հատուածներու մէջ շարունակուած են հրետանային մենամարտերը:

Բացի օճախային մարտերէն, հակառակորդը կեդրոնական ուղղութեամբ իրականացուցած է նաեւ խափանարարական ներթափանցման փորձեր, զորս Պաշտպանութեան Բանակի ստորաբաժանումները յաջողութեամբ կանխած են։ Նաեւ Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը կը յայտնէ, որ Ատրպէյճանը հրետանի կը կիրառէ Մարտունիի և յարակից գիւղերուն ուղղութեամբ։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակը նոր տեսանիւթ հրապարակեց, ուր կը տեսնենք թշնամիին ռազմական ենթակառուցուածքներու ոչնչացումը:

Back to top button