ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Հոկտեմբերի 21, 2020

Ատրպէյճանը կը շարունակէ թիրախաւորել Արցախի խաղաղ բնակավայրերը: Գիշերը բոլոր բնակավայրերուն մէջ հրադադարը համեմատաբար պահպանուեր է, իսկ լուսադէմին Մարտակերտը՝ հարակից գիւղերով, կրկին յայտնուած է թշնամիի նշանակէտին: Ատրպէյճանական զինուժը կոպտօրէն կը խախտէ ոչ միայն հաստատուած մարդասիրական հրադադարը, այլեւ խաղաղ բնակչութեան հանդէպ կը կիրառէ արգիլուած զինատեսակներ:

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի Հակաօդային ստորաբաժանումները հարաւային ուղղութեամբ ժամը 8:30-ի սահմաններուն խոցած են հակառակորդի ինքնաթիռ մը։ Իրավիճակը յարաբերական կայուն-լարուած է։ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանը հերքեց Զանգելանի գրաւման մասին Պաքուի տարածած լուրը:

Back to top button