ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Հոկտեմբերի 20, 2020

Արցախ Ատրպէյճան սահմանի հիւսիսային թեւին վրայ հակառակորդը կը կիրառէ օդուժ և հրետանի։ իսկ հարաւային ուղղութեամբ ծանր մարտերը կը շարունակուին ։ Պաշտպանութեան Բանակի ստորաբաժանումները կը ձեռնարկեն համապատասխան միջոցներ հակառակորդի յարձակումը կասեցնելու համար։ Գիշերուան ընթացքին իրադրութիւնը եղած է յարաբերական կայուն-լարուած: Առանձին հատուածներուն կը շարունակուին հրետանային մենամարտերը:

Արցախի նախագահի մամլոյ խօսնակ Պօղոսեան նշեց, որ Արցախի հիւսիսային հատուածին թշնամին մէկ սանթիմեթր յառաջ չէ կրցած շարժիլ, հակառակը Ատրպէյճանի զինուած ուժեչուն հասցուած է կենդանի ուժի եւ ռազմական սարքերու բաւականին մեծ կորուստներ: մենք վճռական ժամանակահատուած կ’ապրինք, եւ իմ կոչն ու յորդորն է մեր ժողովուրդին` միասնաբար յաղթահարենք այս կարեւոր փորձութիւնը։ «Այսօր մեզի առաջին հերթին պէտք է բոլորի մասնակցութիւնն ու պատասխանատւութեան զգացումը»,- ըսած է Պօղոսեանը:

Back to top button