ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Հոկտեմբերի 19, 2020

Արցախ-Ատրպէյճան սահմանի հարաւային ուղղութեամբ ծանր մարտերը կը շարունակուին։ Տեղեկութիւնը յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան։

Ատրպէյճան հերթական անգամ խախտած է հրադադարի պայմանաւորուածութիւնը, կրակ բացած Արցախի խաղաղ բնակավայրերուն ուղղութեամբ, թիրախաւորած քաղաքացիական վայրերը։ Արցախի Արտակարգ Իրավիճակներու պետական ծառայութենէն կը յայտնեն, որ մասնաւորապէս հրթիռակոծուած են Մարտունի քաղաքը, Քաշաթաղի շրջանի Ուռեկան, Իշխանաձոր, Այգեհովիտ և Վուրգաւան համայնքները։ Պաշտպանութեան Բանակի ստորաբաժանումները թշնամիի կրակակէտերը լռեցնելու համար կը դիմեն համարժեք գործողութիւններու՝ վերահսկողության տակ պահելով իրադրութիւնը:

Back to top button