Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Հոկտեմբերի 14, 2020

Արցախի պաշտպանութեան բանակը կը յայտնէ որ,Մարտակերտի ուղղութեամբ թշնամին այսօր կիրառած է ռազմական օդուժ ։

«Հակառակորդը կը շարունակէ խախտել մարդասիրական հրադադարը՝ կրկին թիրախաւորելով խաղաղ բնակավայրերն ու գիւղերը: Մասնաւորապէս Մարտակերտ քաղաքին հրթիռահրետանային հարուածներ հասցնելէն բացի, այդ ուղղութեամբ այսօր թշնամին կիրառեց նաև ռազմական օդուժ»,–ըսուած է հաղորդագրութան մեջ: ՊԲ ստորաբաժանումները հակառակորդը լռեցնելու համար կը դիմեն համապատասխան գործողութիւններու շարունակելով վստահօրէն իրականացնել հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան սրբազան առաքելութիւնը:

Back to top button