ԿարևորՀասարակություն

Փասատինայի Հայկական ճեմարանը դռները բացաւ. Blair high school-ը՝ անվճար

Դարձեալ վերամուտ է։ Երկուշաբթի, 17 Օգոստոսին, հետեւելով Լոս Անճելըս գաւառի պաշտօնական սպասարկութիւններու հրահանգներուն` Արեւմտեան թեմի  ազգային բոլոր վարժարանները մեկնարկեցին 2020-2021 կրթական տարեշրջանի բացման։

Աշխարհի վրայ սփիւռքեան առօրեային մէջ բազմաթիւ  հայկական դպրոցներ փակուեցան։ Այսօր ուրախութեամբ կը յայտնենք Փասատինայի Blair high school-ին մէջ բացուած Հայկական ճեմարանի մասին առաջին անգամ Հայաստանի Հանրային ձայանսփիւռէն, որուն տնօրէնը պոլսահայ պրն․ Նորայր Տատրեանն է, այսօր մեր բացառիկ հարցազրոյցի հիւրն է ան։

«Այս ճեմարանը եկաւ փոխարինելու Փասատինայի մէջ փակուած 150 աշակերտ ունեցող միակ Երկրորդական վարժարանին։ Մենք ծնողներու եւ ուսուցչական հոծ բազմութեամբ   ներկայացանք Փասատինայի քաղաքապետարան եւ աղերսագիր ներկայացուցինք, որպէսզի պետական դպրոցին մէջ շարունակուի հայեցի դաստիարակութիւնը։ Անոնք, նկատի առնելով ընտանիքներուն խանդավառութիւնն ու բազմաթիւ ներկայութիւնը, մէկ շաբաթ ետք համաձայնութիւն տուին»,- կը պատմէ տուեալ ճեմարանի տնօրէն՝ Նորայր Տատրեանը։

Օգոստոսին արդէն Blair-ի Armenian Academic ճեմարանն իր դռները  բացաւ աշակերտներուն` դասաւանդելով հայկական առարկաներ, սկզբնական ունենալով 50 աշակերտ։ Դասաւանդման ծրագիրը երկու մակարդակի վրայ է` սկսնակ եւ յառաջադէմ աշակերտներու համար։ Տնօրէնը աւելցուց, որ առայժմ դպրոցին մէջ առցանց կը դասաւանդուի համավարակի պատճառով, իսկ շատ հաւանաբար երկրորդ կիսամեակին լիովին բացուին դպրոցի դռները 9-էն 12-րդ աշակերտներու համար։

Մեր հիւրը նաեւ պատմեց, որ Blair high school-ն ունի միջազգային մշակոյթ, միջազգային բոյր եւ բազմազանութիւն՝ ներառելով արդէն ֆրանսական ճեմարանը, սպանական ճեմարանը  եւ չինականը։ Դպրոցն ունի բացի  լեզուներէն հայկական տօնակատութիւններու, հանդէսներու  տարեկան օրացոյց մը` այդ բոլորը վաւերացուած։  

Ըստ տնօրէնին, դպրոցն ունի անթերի ծրագիր։

Նորայր Տատրեան  կը ծրագրէ իր աշակերտները Հայաստան բերել ճանաչողական պտոյտի նպատակով` առաքելութիւն ունենալով պահել հայ աշակերտի լեզուն եւ հայ ինքնութիւնը ու անպայման ծանօթացնել իրենց հայրենիքը։

Սփիւռքեան դժուար եւ համավարակի այս օրերուն նոր դպրոց կը բացուի առանց հովանաւորներու, առանց կուսակցական կամ եկեղեցական պատկանելիութեան։ Սակայն դպրոցը շուտով կ՛ունենայ խորհրդատու անդամներու միութիւն, որպէսզի աջակցին աշակերտներ  հաւաքելու գործին մէջ եւ արդէն Հոկտեմբերին կը մեկնարկէ յաջորդ տարուան արձանագրութիւնները։ «Կ՛ակնկալենք, որ թիւի աճ ունենաք եւ մեր աշակերտները քառապատկուին, յատկապէս, որ դպրոցը անվճար է»,- նկատել տուաւ յարգարժան տնօրէնը։

 «Դասաւանդման ծրագիրը այնպէս եղած է, որ եթէ աշակերտը մէկ շաբաթ Դանիէլ Վարուժան ուսումնասիրէ եւ կարդայ, ապա յաջորդ շաբաթ Յովհաննէս Թումանեան, միւսին՝ Միսաք Մեծարենց եւ ապա Վահան Տէրեան․․ եւ այսպէս բոլորն ալ ծանօթ կ՛ըլլան հայոց լեզուի մեր ունեցած հարստութիւններուն, Արեւելահայերէնին ու Արեւմտահայերէնին․ նոյնիսկ կը համարձակինք Գրաբարէն ալ որոշ կտորներ հրամցնել »,- կ՛ըսէ պրն․ Տատրեան։

Blair դպրոցի վկայականը  ունի միջազգային ճանաչում ինչպէս Դիլիջանի միջազգային դպրոցը կամ Երեւանի Անանիա Շիրակացի անուան ճեմարանը։ Պրն․ Տատրեան նոյնիսկ կ՛առաջարկէ աշակերտներու փոխանակում կատարել զոյգ դպրոցներուն միջեւ Փասատինայի եւ Դիլիջանի հետ։ 

Երկարամեայ հայոց լեզուի եւ գրականութեան պոլսահայ ուսուցիչը այժմ տուեալ դպրոցի գործող տնօրէնն է՝ Նորայր Տատրեանը ամբողջովին նուիրուած եւ տարիներու իր փորձն ու գիտելիքները ի գործ դրած կ՛աշխատի ի շահ Փասատինայի պատանիներուն  հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան։

Բարի վերամուտ կը մաղթենք բոլոր վարժարաններու տնօրէններուն, ուսուցչական կազմերուն եւ թանկագին աշակերտներուն ու լիայոյս ենք, որ 2020-2021 տարեշրջանը իր աւարտին  հասնի բնականոն ու աւելի լաւ պայմաններով։

Շնորհակալութիւն պրն․ Նորայր Տատրեանի զոհողութիւններուն, դպրոցի բացման համար իրաւաբանական բոլոր գործողութիւնները եւ աղերսագիրը պատրաստող՝  Մարօ Եագուպեանին, նաեւ դասաւանդող ուղուցչուհի՝ լիբանանահայ Ժենի Եսայեանին։

Back to top button