ԿարևորՀասարակություն

Ինչպէ՞ս զբաղեցնել տան մէջ մեկուսացուած երախաները

Միջին տան պայմաններուն, երբ ննջարանը վերածուած է խաղավայրի, իսկ նստասենեակը՝ աշխատասենեակի, երբ ճաշարանի սեղանին գիրքերն ու տետրակներն են, երբ տան տղամարդը տունն է , երբ հարկաւոր է ընտանիքի բոլոր անդամներով մնալ տունը, ինչպէ՞ս վարուիլ մանկապարտէզի երախային հետ։

Այս առիթով մենք դիմեցինք հոգեբան մեր հիւրին՝ Արփի Խաչատուրեան Վարդապետեանին։ Ան Հալէպի մէջ հաշուապահ էր, իսկ Հայաստան տեղափոխուելով կ’իրականացնէ իր երազանքը՝ ընդունուելով Մանակավարժական համալսարանի  հոգեբանութեան ճիւղը։ Այժմ որպէս հոգեբան կ’աշխատի Աւետիսեան դպրոցը։

Մենք խօսեցանք նախադպրոցական տարիքի երախաներու մասին, թէ  ինչպէս տան մթնոլորտը կ՛ազդէ երախայի հոգեբանութեան վրայ։

«Տան մէջ եթէ ծնողքը տագնապային լարուածութիւն ունի, ապա երախան նոյնպէս լարուած կ՛ըլլայ», — կ՛ըսէ հոգեբանը։

Մինչև 3 տարեկան երախային համար հեռախօսներու օգտագործումը խստիւ կ՛արգիլուի, որովհետև, ըստ հոգեբանի, այդ սարքերու մէջի ճառագայթները կը խոչընդոտեն երախայի գլխուղեղի արագ զարգացումը։

Ան շեշտեց մայր-երախայ յարաբերութեան կարևորութիւնը․ երախան պէտք է յուզական բաւարարութիւն ունենայ, սէր , գուրգուրանք․․․ Երախայի ականջը միշտ մեծերուն խօսակցութեան ուղղուած կ՛ըլլայ, ժահրի թեման այս օրերուն, օրինակ, երախան այդ հասկացողութիւնը կրնայ մեծցնել և վերածել  մղձաւանջի։

Արփի թելադրեց, որ երախան ժամանակի բաշխում պէտք է ունենայ, ուտելն ու քնանալը ճիշդ ժամուն ըլլալու է։ Առաւօտեան կերակրելէն ետք հարկաւոր է մի քանի մարզական ձևեր, որպէսզի տեղի ունենայ արեան լաւ շրջանն ու  նիւթափոխանակութիւնը։ Երախային մինչև 3 տարեկան հետ խօսիլ միայն իր մայրենի լեզւով, այս տարիքին երախայի լեզւով կարելի է նոյնիսկ զրուցել և երգել։

Օրուան ընթացքին կարևոր է մաքուր օդը, սակայն նոյնչափ կարևոր է լաւ քնանալը։ Մեր հոգեբանը մատնանշեց նաև  հօր դերի մասին․

«Հայրը պէտք է ժամանակ տրամադրէ նաև զաւակին, միայն մօր վրայ չէ ամբողջ պատասխանատւութիւնը։ Վերջապէս տան մէջ դրական ընտանեկան մթնոլորտը ապահովելով՝ մենք հաստատ կ՛ապահովենք երախայի և մտաւոր, և հոգեկան բարեկեցիկ վիճակը», — ըսաւ սիրուած հոգեբան Արփի Խաչատուրեանը։

Back to top button