ԿարևորՀասարակություն

Մալէզիայի մէջ ունինք պատմական ներոյժ․ Արարատ Կոստանեան

Անի Զէյթունցեան
Ռատօ Լուր

Արևելագէտ Արարատ Կոստանեանը Ազգային ակադեմիայի արևելագիտութեան բաժնի գիտաշխատող է։ Մալէզիոյ մայրաքաղաք Քուալա Լամփուրի մէջ ան հանդէս եկաւ դասախօսութեամբ՝ «Սուրիոյ տագնապին հիմնական պատճառները»  խորագիրով։  Քուալա Լամփուրի Իսլամական հետազօտութիւններու միջազգային հիմնարկին կողմէ, որ հիմնուած է 2008-ին Մալէզիայի վարչապետին հովանաւորութեամբ։

Արևելագէտ մեր հիւրը նաև ներկայ եղած է «Պաղեստինը կարևոր է» կարգախօսով Իլան Փեփէյի դասախօսութեան, այնտեղ քննարկման մասնակիցներէն  է։

Օրուան միջոցառման ներկայ գտնուած է նաև Մալէզիոյ մէջ Սուրիոյ դեսպանը։

Արարատ Հալէպի մէջ անուանի ջութակահար Յովհաննէս Կոստանեանի թոռն է, իսկ հայրը յայտնի պարուսոյց Աբիկ Կոստանեանն է, որ աշակերտած է Ազատ Ղարիպեանին։ Արարատ տեղափոխուած է Հայաստան 2001 թուականին ։

Հայեր ապրած են Մալէզիոյ  մէջ դեռ 18-րդ դարուն ։ «The Armenia in Penang» գիրքը կը պատմէ այդ մասին  թէ անգլիական տիրապետութեան շրջանին, իսկ  Փինանկի մէջ կայ Արմէնիա անունով փողոց ։

«Պէտք է մեր պատմական ներուժը օգտագործենք յատկապէս զբօսաշրջութեան ոլորտէն ներս Հայաստան-Մալէզիա փոխյարաբերութիւններուն»,–ըսաւ բացառիկ հարցազրոյցի հիւրս Արարատ Կոստանեան։

Back to top button