ԿարևորՀասարակություն

Գալուստ Կիւլպէնկեանի մասին գիրքը՝ նաև հայերէն

Անի Զէյթունցեան
Ռատիօ Լուր

Հայ ընթերցասէրի սեղանին է արդէն աշխարհահռչակ գործարար և բարեգործ Գալուստ Կիւլպէնկեանի մասին պատմող «Պարոն Հինգ Տոկոս» ճոնաթան Քոնլինի գիրքի հայերէն և ռուսերէն տարբերակը:

Գիրքը կը բացայայտէ աշխարհի ամենահարուստ մարդոցմէ մէկը  համարուող Գալուստ Կիւլպէնկեանի հարուստ կենսագրութիւնը: «Էդիթ Պրինտ» հրատարակչութեան նախաձեռնութեամբ հայերէն և ռուսերէն լոյս տեսած գիրքի շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 15-ին «Էլիտ Պլազա» առևտրական կեդրոնի Գալուստ կիւլպէնկեանի անուան սրահին մէջ:

Հայերէն թարգմանիչն է Սիլվա Հովակիմեան, գիրքին մէջ կան նաև սև ու սպիտակ նկարներ ու քարտէզներ:

Մեծանուն հայու՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150-ամեակի հոբելեանին  նուիրուած են Փորթուկալի օրերը Հայաստանի մէջ խորագիրով միջոցառումները: Շնորհանդէսին կը մասնակցէին նաև Փորթուկալիոյ  մէջ  գործող «ԳալուստԿիւլպէնկեան» հիմնադրամի ներկայացուցիչները:

Փորթուկալ-Հայաստան բարեկամութեան միութեան հիմնադիր նախագահ Վահէ Մխիթարեանը Մկրտիչ Կարապետեանին նուիրեց «Պարոն Հինգ Տոկոս» գիրքի փորթուկալերեն տարբերակը: Ան շեշտեց, որ անձամբ կը ճանչնայ Քոնլինին ու հարցուցած է՝ արդեօք իր գիրքը հայերէն պիտի  թարգմանուի: Քոնլինն ալ տեղեկացուցած  է, որ թարգմանական աշխատանքներն ընթացքի մեջ են: Վահէ Մխիթարեանն առանձնայատուկ շեշտեց, որ գիրքին մէջ հեղինակն այնպիսի բացայայտումներ ըրած է, որոնց մասին տեղեակ չէր նոյնիսկ Կիւլպէնկեանի ընտանիքը:

Մկրտիչ Կարապետեան շնորհակալական խօսքին մէջ յայտնեց հայ բարերարներու մասին տպագրուած գիրքերու շարքին, ինչպէս Գըրք Գրիգորեանի,Գալուստ Կիւլպէնկեանի, այնպէս ալ թէ յաջորդը պիտի ըլլայ Մանթաշովի մասին գիրքը:

Երևանի Պետական համալսարանի դասախօս Սերգօ Երիցեան ներկայացուց Գալուստ Կիւլպէնկեան «Քարիւղի արքայ» մարդը, որ իր քրտինքով դարձած է աշխարհի ամէնէն հարուստ մարդը :

Երիցեան ակնարկեց, որ «Պարոն Հինգ Տոկոս» գիրքի մէջ ընթերցողը կրնայ կարդալ նաեւ եղեռնի մասին: Ան խօսեցաւ «Տոհմիկ Բարերարը» գիրքի մասին նոյնպէս, որուն հեղինակը Էմմա Յովսէփեանն է: Այս գիրքին մէջ բարերարի հայկականութեան մասին է, իր նամականին և բարերարի ծաւալուն գործունէութիւնը:

Back to top button